Առողջապահական տագնապ մը առաջացած է Յորդանանի մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Սքայ նիւզ Արապիա կայքէն։
Աղբիւրը նշեց, որ Ամմանի մօտակայ շրջանի մը մէջ եղող «Սալթ» կառավարական հիւանդանոցին մէջ «Քովիտ»ով վարակուած 6 անձեր մահացած են եւ աւելի ուշ պարզուած է, որ անոնց մահուան պատճառը հիւանդանոցին մէջ թթուածինի պակասն է։
Դէպքէն անմիջապէս ետք երկրի վարչապետ
Պուշար Ալ Խասաուինա իրաւապահ մարմիններէն պահանջած է քննութիւն բանալ եղածին վերաբերեալ։
Լրատուական ծառայութիւններ նաեւ յայտնած են, որ բանակային միաւորներ պաշարած են հիւանդանոցը մահացածներու ծնողներուն բողոքի գործողութիւնները տիրապետութեան տակ պահելու նպատակով։
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ նաեւ, որ երկրի առողջապահութեան նախարար ՝ Նաթհիր Օպայտաթ իր հրաժարականը ներկայացուցած է։
Նշենք, որ «Սալթ» հիւանդանոցին մէջ «Քովիտ»ով վարակուած 200 հիւանդներ բուժում կը ստանան։