image

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է Թուրքիոյ F-16 կործանիչներու վաճառքը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է Թուրքիոյ F-16 կործանիչներու վաճառքը

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Քոնկրէսին տեղեկացուցած է, որ հաւանութիւն տուած է Թուրքիոյ 23 միլիառ տոլարի Ֆ-16 կործանիչներու եւ յարակից սարքաւորումներու վաճառքին: Այս մասին հաղորդած է «Ինթըրֆաքս»` վկայակոչելով The New York Times-ը:

Ինչպէս թերթին յայտնած են Արտաքին գործոց նախարարութենէն եւ Փենթակոնի ներկայացուցիչները, այդ կատարուած է, երբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան ստորագրած է ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութիւնը թոյլատրող փաստաթուղթերը: