image

Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստեր

Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Կրօնական Ժողովի լիակատար նիստեր

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ   Միացեալ Նահանգներու  Արեւմտեան Թեմի  դիմատետրի  էջէն կը կարդանք ՝

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ, Թեմի Կրօնական ժողովը ընդլայնուած նիստեր գումարեց Ուրբաթ, 5 Օգոստոս 2022-ին: 

Ժողովը մանրամասն քննեց եւ արժեւորեց Արեւմտեան Թեմէն ներս իրագործուող կրօնական, մշակութային, դաստիարակչական եւ հրատարակչական շարք մը ծրագիրներ (Ս. գրոց սերտողութիւն, սարկաւագաց պատրաստութիւն, դպրաց դասերու վերակազմակերպում, կրօնի դասաւանդութիւններու արդիականացում, Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերաորակաւորում, ԿԻԼԻԿԻԱ պաշտօնաթերթ, ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ հեռատեսիլային ծրագիր, եւ այլն) եւ պատրատակամութիւն յայտնեց, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ, վերանորոգ թափով շարունակել աշխատանքը՝ զայն ոչ միայն տարածելու, այլեւ աւելի եւս ընդլայնելու յանձնառութեամբ, վասն Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ Թեմի առաւել բարգաւաճման: 

Կէսօրէ ետք, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազանին, համախմբուեցան Թեմի հոգեւորականներ, որոնք որոշ հարցերու գծով ցուցմունք առին Առաջնորդ Սրբազանէն եւ անոր հետ խորհրդակցեցան ծիսական, կազմակերպական եւ ծխական կարգ մը հարցերու մասին՝ ստանալով անհրաժեշտ եւ սպառիչ թելադրանքներ: Այս առիթով, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան գնահատեց Թեմի հոգեւորականաց դասը եւ յորդորեց աշխուժ ձեւով շարունակել ծառայել Հայ Եկեղեցւոյ ու ազգին, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Հոգեւոր հայրեր հրաւիրուած են առաւելագոյն ընծայմամբ իրագործելու իրենց առաքելութիւնը:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի խնդրանքին, լանջախաչ կրելու արտօնութիւն շնորհեց Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի: Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը անոր վիզէն անցուց լանջախաչ մը: Ներկայ հոգեւորականներ յոտնկայս ողջունեցին, ծափահարեցին եւ ստեղծուած հոգեպարար մթնոլորտը հարստացուցին երգելով «Աշակերտք Քրիստոսի», «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց»: