image

Ամերիկան պատրաստ է

Ամերիկան պատրաստ է

Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով եւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Գարէն Տոնֆրիտ հեռախօսազրոյց ունեցած են, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Գարէն Տոնֆրիտ նշած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման կարեւորութիւնը եւ այս հարցին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը: