image

Ամերիկան՝ խաղաղութեան հետամուտ

Ամերիկան՝ խաղաղութեան հետամուտ

Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան փոխխօսնակ Վետանթ Փաթել ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնը այն բանն է, որու վրայ ներկայիս վարչակազմը կը շարունակէ աշխատիլ։

«Ատիկա այն բանն է, որու վրայ նաեւ ինքը՝ պետական քարտուղարը, բաւականին կեդրոնացած է: Եւ այսպէս, մենք կ'ողջունենք բոլոր ջանքերը, որոնք կ'օգնեն մեզի հասնիլ կայուն խաղաղութեան», -ըսած է Փաթել:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ տեղեկութիւն չունի, թէ արդեօք Հարաւային Կովկասի հարցերով պետական քարտուղարի աւագ խորհրդական Լուիս Պոնոն պիտի միանայ պետական քարտուղար Պլինքընի Միւնիխ կատարելիք այցին, թէ՝ ոչ: