image

«Ամերիկան դէպի դժոխք». Թրամփէն կարեւոր սլաք

«Ամերիկան դէպի դժոխք». Թրամփէն կարեւոր սլաք

Միացեալ Նահանգները կը գահավիժի դէպի դժոխք։ Այս մասին Fox News-ին ըսած է ԱՄՆ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ «Ես կ'ուզեմ զօրաւոր ղեկավարութիւն տեսնել այս երկրին մէջ, որ աւելի կարեւոր է, քան հանրապետականները, դեմոկրատները, լիպերալները կամ պահպանողականները: Մեր երկիրը կը գահավիժի դէպի դժոխք։ Ժողովուրդը կը գահավիժի»,-ըսած է ան։ 

Թրամփ հրաժարած է հաստատելէ ենթադրութիւնները, որ պիտի առաջադրուի 2024 թուականին։

«Ես կը սիրեմ այս երկիրը։ Նախքան COVID-19-ը մենք ունէինք երկիր մը, որ պատմութեան մէջ երբեք չէ եղած»,-աւելցուցած է ան։ 

Թրամփ ըսած է, որ վերընտրուելու պարագային «շատ արագ» պիտի վերականգնէ նախագահական վարչակազմը՝ սկսած «յանցագործ» ներգաղթեալներու արտաքսումէն, որոնք ապօրինի հատած են սահմանը։