Օրերս Լոս Անճըլըսի մէջ ծանր արկածի ենթարկուած է ամերիկահայ երգիչ՝ Գօգօ Հայիթեան։
Հայիթեան, որ արկածէն ետք անցած է բուժման շրջանէ մը ինքզինք վերագտնելու ճանապարհին է։
![]()
Ի դէպ արկածին մասին գրառում մը կատարած է նաեւ ինք՝ Հայիթեան, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք մօտէն հետաքրքրուեցան իր առողջական վիճակով։
Ան նաեւ իր փրկկութիւնը համարած է հրաշքի համազօր բան եւ մաղթանքներ ուղղած է բոլոր մերձաւորներուն ըլլալու ապահով եւ առողջ։
![]()
«Արեւելք»ի հետեւորդներուն յիշեցնենք, որ Հայիթեան բնիկ Լիբանանէն է եւ ան երկար տարիներէ ի վեր վեր հաստատուած է ԱՄՆ-ի մէջ, ուր հանդէս կու գայ էսթրատային եւ ազգային երգերով եւ ունի երկրպագուներու բաւական լայն ցանց մը։
Առողջութիւն մեր երգիչին։
![]()