Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեթս նահանգի ղեկավար Մորա Հիլին նամակ յղած է երկրի նախագահ Ճօ Պայտընին։
Պաշտօնեան անդրադարձած է Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակին:
Ան մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող 120 000 հայերու համար ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամի կապակցութեամբ, նշած սննդամթերքի, դեղորայքի եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներու մատակարարումներու դադրեցման եւ մարդկանց ազատ տեղաշարժի՝ ամիսներ շարունակ խափանման մասին։
Մասաչուսեթսի նահանգապետը խօսած է երկրորդ ցեղասպանութեան վտանգի ահազանգերու մասին։
Մորա Հիլին անդրադարձած է Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժն ապահովելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններու, միջանցքը բանալու՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու մասին։
«Ես կոչ կ'ընեմ ձեզի գտնելու հնարաւոր ուղիներ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու համար ու շարունակելու առաջ տանիլ շրջափակումը վերացնելու դիւանագիտական ջանքերը»,- գրած է ան:
Բացի այդ, ան Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը յորդորած է օգտագործել բոլոր հնարաւոր գործիքները՝ ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ աջակցելու Հայաստանի խաղաղութեան։
Նահանգապետը նշած է, որ Մասաչուսեթսի համայնքը վաղուց ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: