Հայաստան գտնուող ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի պատուիրակութիւնն այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր։
Ինչպէս յայտնած են Ազգային Ժողովէն, հիւրերը ծաղիկներ եւ ծաղկեպսակ դրած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ, լռութեամբ ու խոնարհումով յարգած սուրբ նահատակներու յիշատակը:
Ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Փրայսի գլխաւորած պատուիրակութեան Ծիծեռնակաբերդի մէջ ուղեկցած են ՀՀ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններիու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Էտուարտ Աղաճանեանն ու Հայաստան-ԱՄՆ բարեկամական խումբի անդամ Մարիա Կարապետեանը։
Տէյվիտ Փրայսի հետ Ծիծեռնակաբերդ այցելած են նաեւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամներ Տիանա Տեգէթը, Ճիմ Քուփէրն ու Էնտի Լեւինը:
Յիշեցնենք` ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի Ժողովրդավարական գործընկերութեան յանձնախումբի (ԺԳՀ) նախագահ Տէյվիտ Փրայսի գլխաւորած քոնկրէսական պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանած է երէկ` 17 հոկտեմբերին։