Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կողմ է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու տարածաշրջան այցի հնարաւորինս շուտ կազմակերպման: Այս մասին յայտնած են ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն, ի պատասխան NEWS.am-ի գրաւոր հարցման` մեկնաբանել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը, որ Պաքուն պիտի շարունակէ խափանել ղարաբաղեան հակամարտութեամբ զբաղելու` ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի փորձերը:
«Որպէս Մինսքի խումբի համանախագահ Միացեալ Նահանգները յանձնառու է շարունակելու ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական քաղաքական կարգաւորման ուղղութեամբ: Ինչպէս նշուած էր ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու վերջին յայտարարութեան մէջ` մենք կողմերը կը քաջալերենք հնարաւորինս շուտ տարածաշրջանին մէջ ընդունիլ Համանախագահները` թոյլ տալով, որ անոնք անձամբ գնահատեն իրավիճակը, շօշափելի յառաջընթաց գրանցեն հրատապ մարդասիրական խնդիրներու լուծման հարցին մէչ եւ համաձայնութիւն ձեռք բերեն հետագայ ներգրաւուածութեան օրակարգին վերաբերեալ», կ'ըսուի ԱՄՆ դեսպանատան գրաւոր պատասխանին մէջ:
NEWS.am-ի հարցման, թէ արդեօք ԱՄՆ դեսպանատունը մօտ ապագային Մինսքի խումբի համանախագահներու տարածաշրջան այցի հնարաւորութիւն կը տեսնէ՞, թէ՞ ոչ, դեսպանատունը ուղիղ պատասխան չէ տուած:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն այցը տարածաշրջան պարբերաբար կը յետաձգուի:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը կը խոչընդոտէ համանախագահներուն այցը:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ յայտարարած է, որ համանախագահներու տարածաշրջանմային այցերը վերականգնելու հարցով պատասխան կը սպասէ Պաքուէն եւ Երեւանէն: