image

Ամեն. Տ. Սահակ եւ Արհի. Տ. Լեւոն Սրբազաններ մասնակից Անգարայի «Իֆթար»ին (Լուսանկար)

Ամեն. Տ. Սահակ եւ Արհի. Տ. Լեւոն Սրբազաններ մասնակից Անգարայի «Իֆթար»ին (Լուսանկար)

Օրերս Պոլսոյ Հայոց Հայ Կաթողիկէ  եւ  Առաքելական   հոգեւոր պետերը՝ մասնակից դարձած են Թուրքիոյ նախագահին կողմէ  սարքուած  «Իֆթար»ի  աւանդական սեղանին։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողան 12 Մարտ 2024, Երեքշաբթի գիշեր Անգարայի մէջ նախագահեց Ա-Գէ-Փէ կուսակցութեան իֆթարի սեղանին, որուն մասնակցեցան պետական աւագանին, փոքրասնական համայնքներու պետեր ու ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական պաշտօնեաներ։ 

Այս սեղանին մասնակիցներու շարքին էր Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Բաց աստի, սեղանին մասնակից էին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ այլ աշխարհական վարիչներ, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։ Նորին Ամենապատուութիւնը նոյն առթիւ միջօրէին օդային ճամբաւ մեկնեցաւ մայրաքաղաք, իր հետ ունենալով գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղ. Կարապետեանը։ Մեր Հոգեւոր Պետը նոյն գիշեր վերադարձաւ Աթոռ։