image

Ամբողջ տարածքը ռմբակոծուած է Ատրպէյճանի կողմէ. Սպանացի լրագրողը տեսանիւթ հրապրակած է Սոթքէն

Ամբողջ տարածքը ռմբակոծուած է Ատրպէյճանի կողմէ. Սպանացի լրագրողը տեսանիւթ հրապրակած է Սոթքէն

Սսպանիոյ Քոնկրէսի պատգամաւոր՝ Ճոն Ինեարիթուն այցելած է Գեղարքունիքի մարզի Սոթք բնակավայր, եւ թուիթըրեան իր միքրոպլոկով հրապարակած է տեսաուղերձ, ուր ցոյց տուած է Ատրպէյճանի կողմէ սեպտեմբերին սանձազերծած յարձակումի հետեւանքները եւ կոչով դիմած միջազգային հանրութեան:

«Մենք կը գտնուինք Հայաստան, Սոթք: Այս ամբողջ տարածքը ռմբակոծուած է Ատրպէյճանի կողմէ սեպտեմբերին, յանգեցնելով քաղաքացիական զոհերու եւ հարիւրաւոր տուներու աւերման։ Մենք կը խնդրենք միջազգային հանրութենէն գործել եւ ստիպել Ատրպէյճանին յարգել խաղաղութեան օրակարգը, միջազգային մարդասիրական իրաւունքը եւ հեռանալ հայկական հողէն»,- ըսած է սպանացի պատգամաւորը: