Ալպանիոյ մէջ աշխարհի մէջ առաջին անգամ ըլլալով նշանակուած է արհեստական բանականութեան միջոցով ստեղծուած նախարար՝ երկիրը «փտածութենէ զերծ պահելու նպատակով»: Թուային նախարարը կը կոչուի «Տիելա», որ կը նշանակէ «արեւ»: Այն պատկերուած է որպէս կին՝ աւանդական ալպանական տարազով:
«Տիելան կառավարութեան առաջին անդամն է, որ ֆիզիքապէս գոյութիւն չունի, այլ ստեղծուած է վիրտուալ կերպով՝ արհեստական բանականութեան միջոցով: Այն լիազօրուած է կայացնելու որոշումներ բոլոր պետական մրցոյթներու եւ գնումներու վերաբերեալ, ինչ որ զանոնք 100 տոկոսով զերծ կը դարձնէ փտածութենէ»,- ըսած է Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռաման:
Կը սպասուի, որ վարչապետն իր գրասենեակի կազմը յայտարարէ առաջիկայ օրերուն՝ մայիսին կայացած ընտրութեան յաղթելէն յետոյ: