image

Ալիեւէն շնորհաւորանք՝ Զելենսքիին

Ալիեւէն շնորհաւորանք՝ Զելենսքիին

Ատրպէյճանն ու Ուքրանիան կը կապեն հարուստ աւանդոյթներով բարեկամական յարաբերութիւնները։ Այս մասին Ուքրանիոյ ազգային տօնի՝ Անկախութեան օրուան կապակցութեամբ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ գրած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։

«Ատրպէյճանը եւ Ուքրանիան փոխադարձ աջակցութիւն եւ համերաշխութիւն կը ցուցաբերեն տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հարցերու մէջ՝ ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան, միջազգային նորմերուն ու սկզբունքներուն համապատասխան։ Մտադրութիւն կ'արտայայտենք հետագային եւս գործադրել բոլոր ջանքերը Ուքրանիոյ բարեկամ ժողովուրդին անհրաժեշտ մարդասիրական աջակցութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերելու համար»,- ըսուած է Ալիեւի նամակով։

Ատրպէյճանի նախագահը նաեւ վստահութիւն յայտնած է, որ Քիեւն ու Պաքուն յաջողութեամբ պիտի շարունակեն համատեղ ջանքերը՝ ուղղուած «ատրպէյճանական-ուքրանական բարեկամութեան եւ յուսալի գործընկերութեան ամրապնդման եւ համագործակցութեան ընդլայնման»: