image

Ալիեւ Մոսկուա պիտի մեկնի

Ալիեւ Մոսկուա  պիտի մեկնի

Կ'ակնկալուի, որ յաջորդ շաբաթ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ Մոսկուա այցելէ, այս մասին հաղորդած է Turan-ը՝ վկայակոչելով իրազեկ աղբիւրը։ 

Նշուած է, որ այցը կը դառնայ նոր ուղենիշ՝ ռուս-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ։ 

Վերջին անգամ Ալիեւն ու Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած են 18 Յունուարին։ Վերջիններս կարծիքներ փոխանակած են Ուքրանիոյ վերաբերեալ՝ 14 Յունուարին, Ալիեւի Քիեւ կատարած այցի շրջածիրէն ներս, որու ընթացքին ան բանակցութիւններ վարած է Ուքրանիոյ նախագահ՝ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։