image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ կը մեծարէ «Պայրաքտար»ի գլխաւոր հեղինակը

Ալիեւ կը մեծարէ «Պայրաքտար»ի գլխաւոր հեղինակը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր ընդունած է թրքական «Պայքար» ընկերութեան տեխնիկական տնօրէն Սելճուք Պայրաքթարը։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ընդունած է թրքական «Պայքար» ընկերութեան տեխնիկական տնօրէն Սելճուք Պայրաքթարը։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Պայրաքթարը Ալիեւին փոխանցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի ողջոյնները, եւս մէկ անգամ նշած Թուրքիոյ ղեկավարի երախտագիտութիւնը Ատրպէյճանի նախագահին՝ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման գործին մէջ եղբայրական օգնութեան համար։

Նշելով, որ թրքական պաշտպանական արդիւնաբերութիւնը վերջին տարիներուն մեծ յաջողութիւններու հասած է, Ալիեւ ընդգծած է, որ «Պայքար» ընկերութիւնը այս հարցով առաջատար դեր կը խաղայ։ Ան եւս մէկ անգամ նշած է, թէ ինչ դեր խաղցած է այս ընկերութեան արտադրանքը Լեռնային Ղարաբաղի դէմ 44-օրեայ պատերազմին։