Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հանդիպած են Անթալիոյ մէջ։
Ատրպէյճանի ղեկավարը կը գտնուի Թուրքիա՝ մասնակցելու Անթալիոյ IV դիւանագիտական ֆորումին:
Յիշեցնենք, որ ֆորումի մասնակիցներու շարքին են նաեւ ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու ԱԺ փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանը: