image

Ալիեւ արտայայտուած է Պաքու-Թիֆլիս-Կարս ճանապարհը ընդարձակելու մասին

Ալիեւ արտայայտուած է Պաքու-Թիֆլիս-Կարս ճանապարհը ընդարձակելու մասին

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ բոլոր երկիրներու շահերէն կը բխի Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երթուղին մեծցնելը, վրացական նաւահանգիստները Կեդրոնական Ասիայէն Եւրոպա եւ հակառակ ուղղութեամբ բեռներու համար օգտագործելը, գրած է «Նովոստի-Կրուզիան»:

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ հանդիպումէն ետք 24 հոկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Ալիեւ նշած է, որ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բեռնաշրջանառութիւնը աճած է 75 տոկոսով։

«Պէտք է ըսեմ, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղային փոխադրութիւնը կրնայ օգտագործուիլ հինգ միլիոն թոն բեռնելու համար, յաջորդ տարի մենք աւելի շատ ներդրումներ կ'ընենք այս ուղղութեամբ։ Մենք կը պատրաստուինք օգտագործելու այս երթուղին՝ Կասպից ծովով, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքով Եւրոպա բեռներ փոխադրելու, ինչպէս նաեւ նոր ուղիներ զարգացնելու համար»,-ըսած է Ալիեւ։

Ատրպէյճանի նախագահի խօսքով, «կը ստեղծուի նոր իրողութիւն, որուն մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք»։

Ան նաեւ նշած է, որ Պաքուի միջազգային ծովային նաւահանգիստին մէջ «լրացուցիչ ներդրումներ պիտի կատարուին»։

«Մենք պէտք է սերտօրէն համագործակցինք Վրաստանի հետ փոխադրութեան ոլորտի մէջ, պէտք է ըլլան համախմբուած, համատեղ ջանքեր։ Փոխադրային կարողութիւնները զարգացնելու համար մենք պէտք է զարգացնենք յարաբերութիւնները մեր հարեւաններու հետ, այլապէս չենք կրնար յուսալի տարանցիկ երկիր ըլլալ։ Ի դէմս Վրաստանի՝ մենք ունինք բարեկամ, հարեւան եւ գործընկեր երկիր»,- ընդգծած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Ալիեւ նշած է, որ «աշխարհի մէջ կ'աճի ուժանիւթակիրներու պահանջարկը», իսկ Վրաստանն ու Ատրպէյճանը «ներկայացուած են նոյն ճակատին վրայ»։

«Մենք պիտի աշխատինք միասին, որպէսզի մեր ազգային շահերը, եղբայրական ժողովուրդի շահերը կառուցուին նման յարաբերութիւններու վրայ, պիտի ստեղծենք այնպիսի կարեւոր յարաբերութիւններ, որոնք օգուտ պիտի բերեն աշխարհին։ Ասոր հիմքը մեր բարեկամութիւնն է՝ մեր ժողովուրդներու, մեր երկիրներու եւ մեր երկիրներու առաջնորդներու աջակցութեամբ»,-ըսած է Իլհամ Ալիեւ։