image

Ալեն Սիմոնեանը հանդիպած է Խըրխըզստանի վարչապետ Ատիլպեկ Քասիմալիեւի հետ

Ալեն Սիմոնեանը հանդիպած է Խըրխըզստանի վարչապետ Ատիլպեկ Քասիմալիեւի հետ

ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը Պիշքեքի մէջ հանդիպած է Խըրխըզստանի նախարարներու գրասենեակի նախագահ (վարչապետ) Ատիլպեկ Քասիմալիեւի հետ:

Ընդգծելով երկու երկիրներու համար Հայաստանի եւ Խըրխըզստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւորութիւնը` կողմերն արձանագրած են, որ առկայ է չիրացուած ներուժ` աւելցնելով, որ այդ ուղղութեամբ պէտք է յստակ քայլեր ձեռնարկուին:

Քննարկումներու առանցքը եղած են ինչպէս քաղաքական, այնպէս ալ տնտեսական համագործակցութեանն առնչուող տարբեր թեմաներ: Առանձնայատուկ կարեւորութիւն տրուած է երկու երկիրներու առեւտրաշրջանառութեան եւ զբօսաշրջութեան վերաբերող հարցերուն: