image

Ալէն Պաղ եւ իր խումբը թեկնածու՝ Թաքսիմի մարզկան ակումբի վարչութեան

Ալէն Պաղ եւ իր խումբը թեկնածու՝ Թաքսիմի մարզկան ակումբի վարչութեան

Յառաջիկայ Մարտին վարչական կազմի ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան Թաքսիմ Մարզական ակումբէն ներս։ Ալէն Պաղ, որ փեսան է պոլսահայ ազգային բարերար Ողբ. Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ որդին Պոլսոյ համայնքային նախկին գործիչ Էֆրիմ Պաղի, խումբ մը գլխաւորելով, թեկնածու ներկայացած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Յառաջիկայ Մարտին վարչական կազմի ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան Թաքսիմ Մարզական ակումբէն ներս։ Կարօ Համամճեանի գլխաւոր վարչութիւնը բաւական երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր պաշտօնի գլուխ եւ ընդհանրապէս մէկ ցանկով կ'ընտրուէր առանց մրցակցութեան, բայց այս անգամ տարբեր իրավիճակ մը ունինք մեր դիմաց։ Ալէն Պաղ, որ փեսան է ազգային բարերար Ողբ. Տիգրան Կիւլմէզկիլի եւ որդին համայնքային նախկին գործիչ Էֆրիմ Պաղի, խումբ մը գլխաւորելով, թեկնածու ներկայացած է։

Երէկ, 14 Յունուարի երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ծանօթացման հաւաքոյթ մը՝ «Յարգելով անցեալը վստահութեամբ նայիլ դէպի ապագայ» կարգախօսի ներքեւ։ Լեփ լեցուն սրահի մը մէջ, յատուկ անկիւն մը պատրաստուած էր, ցոլացնելով ակումբի նախկին փառքի օրերը, երբ յատկապէս ֆութպոլի մարզէն ներս Թաքսիմի ակումբի ծոցէն կը հասնէին հանրածանօթ մարզիկներ, կամ անձեր, որոնք ֆութպոլով կը զբաղէին, զայն դարձնելով առօրեայ կեանքի մասնիկ։ Մարզաշապիկներ պատրաստուած էին բոլոր անոնց համար, որոնք նախապէս եղած էին ակումբի անդամ։ Թեկնածուները շատ լաւ աշխատած էին ի մի հաւաքելով զանազան սերունդներէ ներկայացուցիչներ։

Յայտագիրը վարեց Ժպիտ Գալայճը։ Ալէն Պաղ պարքովիզիոնի դրութեամբ ընդարձակ զեկուցում մը ներկայացուց, ծանօթացնելով իրենց նպատակները եւ տեսլականները՝ Թաքսիմի Մարզական ակումբին իր նախկին փառքի օրերը վերադարձնելու ուղղութեամբ։ Ըսաւ որ իրենց նպատակն է Թաքսիմի ակումբը հասցնել մինչեւ հոն, ուր արժանի է։ Անդրադարձաւ ակումբի ներկայի կացութեան, ըսելով որ կը գտնուին «կամուրջէն յետոյ վերջին ելքի մօտ»։ Նշեց որ ակումբի երիտասարդական խումբերն ու Ա. խումբը մօտաւորապէս 15 տարիէ ի վեր չեն հասած ցանկալի մակարդակի։

Ալէն Պաղ ըսաւ որ յաջողութեան հասնելու համար պայման է որ ակումբը ունենայ նիւթական կայուն գետին մը, հետեւաբար իրենք իրենց նախագիծերը խմբաւորած են երեք հիմնական բաժիններու տակ՝ ելմտական, ընկերային եւ մարզական նախագծեր։ Ան դիտել տուաւ որ ակումբը պարտքեր ունի եւ զանազան թիւեր ու պնդումներ մէջտեղ կը քշուին, որովհետեւ մինչեւ այսօր թափանցիկ տեղեկատուութիւն չէ տրամադրուած, նոյնիսկ անդամները յստակ պատկերացում մը չունին։ Խոստացաւ գտնել հովանաւորներ, յայտնեց որ հանդիպումներ ունեցած են Շիշլիի շրջանի շինարարական մեծ ընկերութիւններու հետ, համայնքը նոյնպէս զգալի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ։ Ըսաւ որ կը ծրագրեն աշխոյժ գործունէութիւններու սկսիլ Ֆէրիգիւղէն ու Գնալը կղզիէն, ուր համայնքը խիտ բնակեցուած է եւ կարելի է մարզադպրոցներ բանալ։

Ընկերային նախագիծերուն անդրադառնալով, Ալէն Պաղ դիտել տուաւ որ «Թաքսիմ սփօր»ը ո՛չ միայն մարզական ակումբ է այլ նաեւ ժամադրութեան վայր, որ կը կրէ համայնքի յիշողութիւնը ու կը կապուի երիտասարդներու հետ։ Այս հարցով ալ խոստացաւ համայնքը վերադարձնել ակումբ, վերակենդանացնել ակումբի մասին յիշողութիւնները, աջակցիլ երիտասարդներուն ո՛չ միայն մարզադաշտի վրայ, այլ կեանքի բոլոր ոլորտներու մէջ՝ մշակոյթի, արուեստի ու հասարակական գործունէութեան միջոցաւ։

Մարզական ծրագիրներու մասին խօսելով, Ալէն Պաղ շեշտեց որ կը ձգտին ըլլալ խումբ մը որ կը պատրաստէ մարզիկներ, ապա զանոնք կը դարձնէ մրցունակ, հաստատել մարզական ակադեմիա, հոն յաճախողներու մօտ ձեւաւորելով պատկանելիութեան զգացումը։ Ան շեշտեց որ պիտի վերաբանան փակ մասնաճիւղերը, համագործակցելով Շիշլիի մարզական ակումբի հետ, պիտի վերականգնեն այնպիսի մասնաճիւղեր, ինչպիսին է ֆութսալը, որ իրականութեան մէջ Թաքսիմ մարզական ակումբի «տիրոյթ»ի մէջ էր։

Աւարտելով իր խօսքերը Ալէն Պաղ բեմ հրաւիրեց իր գործակիցներու խումբը։ Տեղի ունեցաւ նաեւ հարցում-պատասխանի բաժին եւ սարքուեցաւ հիւրասիրութիւն։