image

Որպէսզի սքանտալ չըլլայ. Ինչպէս կը պատրաստուին Թրամփ- Զելենսքի հանդիպումին

Որպէսզի սքանտալ չըլլայ. Ինչպէս կը պատրաստուին Թրամփ- Զելենսքի հանդիպումին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի վերջին հանդիպումը աւարտած է պատմական գայթակղութեամբ․ անոնց միջեւ վէճ սկսած է, եւ Զելենսքին ժամանակէն առաջ լքած է Սպիտակ Տունը։ Այժմ բրիտանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Լոնտոնը յատուկ կը նախապատրաստէ Ուքրանիոյ նախագահը Թրամփի հետ դժուար բանակցութիւններուն, որ նոր գայթակղութենէ խուսափիլ կարելի ըլլայ։

Այս գործին մէջ գլխաւոր դեր կը խաղայ Ճոնաթան Փաուելը, Թոնի Պլերի աշխատակազմի նախկին ղեկավարը եւ վարչապետ Քիր Սթարմըրի ներկայիս անվտանգութեան խորհրդականը, կը գրէ Bild-ը։

Անոր խորհուրդն է՝ զգոյշ ըլլալ Միացեալ Նահանգներու նախագահի եսասիրութեան հարցով, որքան հնարաւոր է հրապարակաւ գովաբանել զինք եւ խուսափիլ անոր սադրելէ։

Այդ կը ներառէ Թրամփի՝ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ճիգերուն գովաբանութիւնը եւ ընդունիլը, որ Եւրոպան պէտք է աւելի մեծ պատասխանատւութիւն կրէ սեփական պաշտպանութեան համար։

Քուլիսներուն մէջ Զելենսքին պէտք է զգուշաւոր կերպով ազդեցութիւն գործադրէ՝ Սպիտակ Տան մէջ Ուքրանիոյ նպատակներուն հասնելու համար։

Թրամփ–Զելենսքի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր։