image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 13 տարի ետք

Ակնարկ «Ազդակ»էն. 13 տարի ետք

Դամասկոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան վերաբացումը ուշագրաւ իրադարձութիւն է եւ կատարուող յայտարարութիւններուն ընդառաջ գործնական քայլ կը նկատուի:

13 տարի փակ մնալէ ետք ամերիկեան դեսպանատունը կը վերաբանայ իր դռները: Այս չի նշանակեր, որ Միացեալ Նահանգները ներկայ չէին Սուրիոյ մէջ այս տարիներուն ընթացքին: Փակ դեսպանատուն, սակայն աշխուժ գործունէութիւն եւ յատկապէս ռազմական ներկայութիւն:

Դեսպանատան բացումը կը հետեւի պաշտօնական յայտարարութեան առ այն, որ Ուաշինկթըն կը վերացնէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:

Այս առիթով ամերիկացի յատուկ պատուիրակին վերագրուող յայտարարութիւնները ընդհանուր վարքագիծի մասին ընդգծումներ ներառած են: Պատժամիջոցներու վերացման յայտարարութեան եւ ամերիկեան դեսպանատան վերաբացման պիտի հետեւի այլ որոշում: Սուրիան դուրս պիտի գայ ահաբեկչութեան աջակցող պետութիւններու շարքէն: Պատուիրակը յանդուգն որակած էր իր նախագահին որոշումը, որ առանց պահանջի եւ առանց նախապայմանի որոշած էր վերացնել պատժամիջոցները: Առանց նախապայմանի կամ պահանջի տեսութիւնը տարակուսելի է անշուշտ: Բայց ատիկա` իր հերթին:

Տարբաղադրաբար, յայտարարութեան այս բաժինը վերլուծելի է: «Սուրիոյ մէջ մեր ուժերուն առաքելութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին վերջ տալն է. Ուաշինկթըն աշխատանք պիտի տանի Սուրիոյ մէջ առեւտուրը քաջալերելու` ձերբազատուելու համար պատժամիջոցներու ազդեցութենէն»:

Ըսել կ՛ուզուի, պարզապէս, սուրիական կառավարութիւնը առաքելութիւն ունի հակաահաբեկչական պայքար մղելու, Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեամբ: Առեւտուրի աշխուժութիւն, հետեւաբար տնտեսական վերականգնում  պիտի կայանան ամերիկեան օժանդակութեամբ: Տնտեսական զարգացման  այս կանխատեսումը կը կապուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առաքելութեան շեշտումին: Իսկ այդ պայքարը պիտի կազմակերպուի միասնաբար ամերիկեան ուժերուն հետ: Սուրիոյ տարածքին տեղակայուած ամերիկեան ուժերուն հետ: Համատեղ առաքելութեան մասին է խօսքը: Սուրիական եւ ամերիկեան ուժերուն միացեալ գործողութիւններուն:

ՏԱՀԵՇ-ը արմատախլելու յանձնառութեամբ կ՛արդարացուի ամերիկեան ուժերուն այնտեղ մնալը: Հակաահաբեկչական պայքարն ու տնտեսական վերականգնումը զուգահեռ ընթանալիք գործընթացներ կը թուին ըլլալ այս պարզաբանումներով:

Յաջորդ ընդգծելին անշուշտ կը վերաբերի Դամասկոս-Թել Աւիւ գալիք համաձայնութեան: «Ուաշինկթըն Սուրիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութիւն կ՛ուզէ: Ըստ ամերիկացի  պատուիրակին,  կարիքը կայ սկսելու յարձակում չգործելու համաձայնութեամբ եւ սահմաններու վերաբերեալ խօսակցութեամբ:

Ակնարկ չկայ իսրայէլեան ուժերու սուրիական տարածքներ ներխուժած ըլլալուն կամ զինուորական գործողութիւններ իրականացնելու մասին: Յարձակում  չգործելը այս պայմաններուն մէջ սուրիական կողմին յորդոր է: Իսկ սահմանազատումը կրնայ վիճելի նկատել այն տարածքները, որոնք արդէն իսրայէլեան ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուին այսօր: Սուրիական գերիշխանութիւնը իր տարածքային ամբողջականութեան վրայ, որոշ հարցականներ կը ներառէ  այսպիսով, յատկապէս ամերիկեան մօտեցումներով:

Ուրեմն այնքան միանշանակ եւ պարզ չէ առանց նախապայմաններու  պատժամիջոցներու վերացումը: Տնտեսական գործարքներու մասին շրջանառուող աստղաբաշխական թիւերը գրաւիչ են: Այդ բոլորը գործնական փուլ կը մտնեն  նշուած առաջադրանքներու փուլային առարկայացմամբ միայն: Ամերիկեան ուժերու առկայութիւն սուրիական տարածքներու վրայ, համատեղ գործողութիւններ, Իսրայէլի հետ սահմանազատում, որ պիտի առաջնորդէ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին:

Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան վերաբացումը, 13 տարուան փակումէն ետք:

 

«Ա.»