image

 «Aid To The Church In Need» պատուիրակութիւնը այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

 «Aid To The Church In Need» պատուիրակութիւնը այցելեց Ազգային  Առաջնորդարան

«Aid To The Church In Need» բարեսիրական հաստատութեան պատուիրակութիւնը, հաստատութեան Հալէպի գրասենեակի տնօրէնի ընկերակցութեամբ այցելած են Ազգ. Առաջնորդարան եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

«Aid To The Church In Need» բարեսիրական հաստատութեան պատուիրակութիւնը, հաստատութեան Հալէպի գրասենեակի տնօրէն տիար Ժոզէֆ Ճորճ Ճպրանի ընկերակցութեամբ այցելեցին Ազգ. Առաջնորդարան եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի։

Պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, Նպաստից Մարմինի ներկայացուցիչ տիար Յարութ Հայրապետեանի, Ազգային Վարչութեան անդամներ երկրչփ. Մարալ Գալայճեանի, տիար Ժագ Գազէզեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ տիար Միհրան Վարդապետեանի կողմէ։

Այցելուները շրջեցան Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, մօտէն ծանօթացան եկեղեցւոյ պատմականին եւ սրբապատկերներու արժէքին։

Այս առիթով, բարեմաղթութիւններու փոխանակում կատարուեցաւ։