image

Ահմատ Հաքանի Դատական Գործով 1 Ամբաստանեալ Կայ

Ահմատ Հաքանի Դատական  Գործով  1 Ամբաստանեալ Կայ

 Թուրքիա-  («Հիւրրիյէթ», «Արեւելք»)  Թուրք լրագրող  Ամհատ Հաքանի դատական գործով  մէկ ամբաստանեալ  կայ: Նշենք, որ    Պոլսոյ ոստիկանութիւնը Հաքքանի դէմ եղած  յարաձումէն ետք   յաջողած էր ձերբակալել  7    անձեր, որոնք բոլորն ալ բացի մէկէն երէկ գիշեր ազատ արձակուած էին:  Հաքան, որ  սիւնակագիր է   «Հիւրիյէթ»ի մէջ յայտնի է, իր հակա- իշխանական  կեցուածքներով: Ան նոյնպէս  հայկական խնդրին վերաբերեալ  դրական   կեցուածքներու տէր լրագրող է: Հաքան  ծանր ծեծի ենթարկուած էր   Պոլսոյ Նշանթաշ   շրջանին մէջ  եւ  կոտրուածքներ ստանալէ ետք փոխադրուած էր հիւանդանոց    Պոլսոյ մէջ բողոքի  ծանր ալիքի մը տուն տալով:  Հայանպաստ  կեցուածքներով յայտնի Հաքան, քանիցս   սպառալիքներ ստացած էր     իշխանական AKP  կուսակցութեան      պատասխանատաուներէ: