image

Արարատ Միրզոյեանի մահափորձի գործով մեղադրեալը դատապարտուած է 3,5 տարուան ազատազրկման

Արարատ Միրզոյեանի մահափորձի գործով մեղադրեալը դատապարտուած է 3,5 տարուան ազատազրկման

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի նկատմամբ 2020-ին իրականացուած մահափորձի գործով մեղադրեալ Արա Բադոյեանը դատապարտուած է 3,5 տարուան ազատազրկման։

Գլխաւոր դատախազութենէն յայտնած են, որ դատական գործը ստանալէ ետք դատախազութեան կողմէ պիտի ներկայացուի վերաքննիչ բողոք։

Արա Բադոյեանը մեղաւոր ճանչցուցած է նախկին Քրէական օրէնսգիրքի 225-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (զանգուածային անկարգութիւններու ժամանակ ատոնց մասնակցի կողմէն բռնութիւն գործադրելը, ջարդ կամ հրկիզում իրականացնելը, գոյք ոչնչացնելը կամ վնասելը, հրազէն, պայթուցիկ նիւթեր կամ պայթուցիկ սարքեր գործադրելը կամ իշխանութեան ներկայացուցիչին զինուած դիմադրելը)։

2023-ի յունուար 17-ին Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած էր, որ Բադոյեանը 2020-ի պատերազմի դադրեցման պայմաններէն դժգոհ խումբ մը քաղաքացիներու հետ հաւաքուած էր կառավարութեան, ազգային ժողովի վարչական շէնքերու դիմաց, ատոնցմէ ներս եւ ՀՀ վարչապետին յատկացուած կեցավայրի մօտ, ուր կը կատարուէին զանգուածային անկարգութիւններ: Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն`ան միացած է այդ ժամանակ Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի նկատմամբ բռնութիւն գործադրող զանգուածային անկարգութիւններու մասնակիցներուն, ճեղքելով վերջիններուս շարքերը՝ մօտեցած էր արդէն իսկ գետին ինկած Արարատ Միրզոյեանին եւ ոտքով հարուածած վերջինիս: