Նախկին ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը եւ ընտանիքի անդամները հրաւիրած են Ընդհանուր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն՝ ծանօթանալու անոնց պատկանող գոյքի առնչութեամբ իրականացուած ուսումնասիրութեան նիւթերուն եւ ներկայացնելու դիրքորոշումներ։
Աղուան Յովսէփեանը, կինը՝ Աստղիկ Յովսէփեանը, որդիները՝ Նարեկ, Արմէն եւ Միսակ Յովսէփեանները, հարսը՝ Մարինա Նուշիկեանը, դատախազութիւն հրաւիրուած են յուլիս 25-ին։
Դատախազութիւն հրաւիրուած է նաեւ Չեխիոյ մէջ գրանցուած «ՕՄԻՌԱ» ընկերութիւնը, որ փոխկապակցուած է Յովսէփեաններու ընտանիքի հետ։
Նշենք, որ «ՕՄԻՌԱ» ընկերութեան կը պատկանի «Տելիա մայնինգ» ընկերութեան 99․9%-ը։ Վերջինիս 0.1% սեփականատէրը Յովսէփեաններու ընտանիքի անդամ Նորա Բարսեղեանն է։ Ան նոյնպէս հրաւիրուած է դատախազութիւն։