Վտանգի, վախի զգացում եւ գործ տալու սովորական Քաղաքացիական պայմանագիրի վարքագիծ։ Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցին «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Աղուան Վարդանեանն այսպէս բնորոշած է իր յայտարարութեան վերաբերեալ 14 յունիսին Ազգային ժողովէն ներս Քաղաքացիական պայմանագիր խմբակցութեան պատգամաւորի հարցն ու վարչապետի պատասխանը։
«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Յասմիկ Յակոբեանը հարց ուղղած էր վարչապետին, թէ արդեօք մտահոգութիւններ չկան Աղուան Վարդանեանի`«քաղաքական մահապարտներու օգնութեամբ հարցեր լուծելու» մտադրութեան առնչութեամբ։ Վարչապետ Փաշինեանը նշած էր, որ Վարդանեանի յայտարարութեան պէտք է արձագանգեն իրաւապահ մարմինները` ՀՀ օրէնսդրութեան համաձայն։ «Ինչ վերաբերում է մահապարտներին, պէտք է յոյս յայտնել, որ այդ մահապարտների ցուցակում 44-օրեայ պատերազմի դասալիքների յատուկ ստորաբաժանում կը լինի այդ խնդիրը լուծելու համար։ Կարծում եմ՝ «ադապտացիայի» ճիշդ մեթոդ են գտել»,– ըսած էր վարչապետը։
Ի պատասխան Աղուան Վարդանեանը հաւաստիացուցած է` իր ըսած մարդկոց ցանկին մէջ ոչ մէկ ՔՊ-ական պիտի ըլլայ, հետեւապէս, նաեւ դասալիքներ պիտի չըլլան։
Պատգամաւորը նշած է` տէր է իր խօսքերուն ու հիմա ալ համաձայն է, որ պէտք է պատրաստ ըլլալ վճռական անձնազոհութեան մինչեւ վերջ երթալու՝ երկիրը չարիքէն ազատելու համար։ Ան աւելցուց` անոնք պէտք է տարբեր ոլորտներ ներկայացնեն` քաղաքական, ռազմական գործիչներ, հոգեւորականներ։ Ան նշած է, որ, ցաւօք, ընդդիմադիր դաշտը այսօր շատ բաժան–բաժան է։ Վստահ է` պէտք է կարողանալ պարտադրելով, ստիպելով ձեւաւորել միեւնոյն ազգային, պետական արժէքներով առաջնորդուող վերնախաւ, որ կ'ունենայ միեւնոյն մտածողութիւնը։
«Իմ խորին համոզմամբ` այդ մարդկանց առաքելութիւնը պէտք է լինի ազատել երկիրն այս իշխանութիւնից (քաղաքական ճանապարհով, բնականաբար), եւ նրանց միջուկը պէտք է լինի վաղուայ իշխանութիւնը, որը պէտք է փորձի այս աւերակներից երկիրը դուրս բերել»,– նշած է Վարդանեան։
Անոր խօսքով` արդէն մօտ 200-250 հոգիէ կազմուած ցուցակ կազմած է, չի բացառեր, որ ինչ–որ պահի հրապարակէ անունները` առանց անոնց հետ խօսելու։ Իրենք ալ կ'որոշեն` պատրաստ են կրելու այս պատասխանատւութիւնը, թէ ոչ։
«Իմ խնդիրը ոչ թէ մեռնելու գնացողներն են, այլ մարդիկ պէտք է գնան փրկելու եւ փրկուելու։ Բայց եթէ ազգային, պետական էլիտան պատրաստ չէ պետական, ազգային արժէքների համար զոհուել, ուրեմն պետական էլիտա չէ»,– շեշտած է Վարդանեան։