image

Աֆղանստանի մէջ երկրաշարժ. Զոհերուն թիւը կրնայ աճիլ

Աֆղանստանի մէջ երկրաշարժ. Զոհերուն թիւը կրնայ աճիլ

Աֆղանստանի Ճելալապատ քաղաքի մօտակայքը տեղի ունեցած է 6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ։

RTA հեռուստաալիքի հաղորդմամբ, զոհուած է մօտ 500, վիրաւորուած՝ 1,000 մարդ։

Անոնց տեղեկութիւններու համաձայն՝ փլատակներու տակ բազմաթիւ զոհեր կան, ուստի զոհերու թիւը կրնայ աճիլ։

Սկսած է լայնածաւալ փրկարարական գործողութիւն։