Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը պարգեւատրած է Ռուսիոյ բարձրագոյն պետական շքանշանով՝ Սուրբ Անտրէաս առաքեալի շքանշանով։ Համապատասխան փաստաթուղթը հրապարակուած է իրաւական տեղեկատւութեան պաշտօնական հարթակին վրայ։
Ռուսիոյ ԱԳՆ ղեկավարը պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ակնառու ծառայութիւններու, Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին քաղաքականութեան զարգացման եւ իրականացման գործին մէջ մեծ աւանդի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան երկարամեայ արդիւնաւէտ գործունէութեան համար»,ըսուած է հրամանագրին մէջ։
Լաւրովը մարտ 21-ին դարձաւ 75 տարեկան։ Ան կը զբաղցնէ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը շուրջ 22 տարի՝ զիջելով միայն Խորհրդային Միութեան նախարար Անտրէյ Կրոմիքոյին (28 տարի պաշտոնավարում): Ան Ռուսիոյ կառավարութեան մէջ աւելի երկար աշխատած է, քան որեւէ այլ նախարար։
Լաւրովն ԱԳՆ համակարգին մէջ կ՚աշխատի 1972 թուականէն։ 1992-1994 թուականներուն եղած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար, իսկ 1994-2004 թուականներուն՝ ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան մշտական ներկայացուցիչը։