image
Հրատապ լուրեր:

500 Ամերիկացիի Ռուսիա մուտքին դէմ արգելք. Անոնց մէջ է նաեւ նախկին նախագահ՝ Օպաման

500 Ամերիկացիի Ռուսիա մուտքին դէմ արգելք. Անոնց մէջ է նաեւ նախկին նախագահ՝ Օպաման

Ռուսիան արգիլած է Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամայի մուտքը երկիր։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը, գրած է rbc.ru-ն։ 

Ընդհանուր առմամբ, Մոսկուան փակած է 500 ամերիկացիներու մուտքը՝ ի պատասխան «Ճօ Պայտընի վարչակազմի կողմէ պարբերաբար կիրառուող հակառուսական պատժամիջոցներու, որոնք նախատեսուած են, համաձայն Ուաշինկթընի ծրագրի, առաւելագոյն վնաս հասցնելու Ռուսիոյ»:

Ցուցակին մէջ են նաեւ նախկին պաշտօնեաներ, օրինակ՝ Նինա Եանքովիչը՝ «ռուսական ապատեղեկատւութեան» դէմ պայքարին մէջ Սպիտակ տան քարտուղարը։

Բացի այդ, այն կը ներառէ ԱՄՆ բանակի քարտուղար Քրիսթին Ուորմութը, Սպիտակ տան աշխատակազմի ղեկավար Ճեֆրի Զինցը, ռազմաօդային ուժերու քարտուղար Ֆրենք Քենտալը, Ռուսիոյ մէջ նախկին դեսպան Ճոն Թեֆթը, կատակերգուներ Ճիմի Քիմելը եւ Սթիվըն Քոլպըրթը եւ այլք։