Հանրապետութեան հրապարակին մէջ ՀՀ պետական դրօշը ծածանելէն ետք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով քաղաքացիներու «Արժանապատւութեան երթ»ը աւարտեցաւ։
Երթի աւարտին յայտարարուեցաւ, որ վաղուընէ պիտի սկսին անհնազանդութեան արշաւներ. այսօր՝ ժամը 18։00-էն ապակեդրոն սկզբունքով ցոյցի մասնակիցները պիտի փակեն Երեւանի փողոցները։