image
Հրատապ լուրեր:

4 Հանդիպում եւ 500 հեռախօսազրոյց. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն ցարդ ունեցած շփման ընդհանուր պատկերը

4 Հանդիպում եւ 500 հեռախօսազրոյց. Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն ցարդ ունեցած շփման ընդհանուր պատկերը

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներն այս պահու դրութեամբ 4 հանդիպում եւ 500 հեռախօսազրոյց ունեցած են կարգաւորման գործընթացի շրջածիրէն ներս։ Այս մասին կը յայտնէ թրքական Hurriyet թերթը։

«Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին դեսպան Սերտար Քըլըչը եւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանը հանդիպած են չորս անգամ` դէմ առ դէմ, եւ 500 անգամ զրուցած են հեռախօսով»,- գրած է թերթը։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ թրքական A Haber հեռուստաալիքը յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու միջեւ բանակցութիւններու հինգերորդ հանդիպումը նախանշուած է սեպտեմբերին։

Հեռուստաալիքի աղբիւրը յայտնած է, որ Անգարան դէմ է երրորդ երկրի մէջ հայ-թրքական բանակցութիւններու կայացման, ուստի հանդիպումը կը նախատեսուի Կարսի մէջ։

Մինչդեռ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Վահան Յունանեանը Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ ներկայիս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութեան շրջածիրէն ներս նոր հանդիպման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն չկայ։