Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Wall Street Journal-ի համար իր յօդուածին մէջ նշած է երեք պայման Կազայի հատուածին մէջ խաղաղութեան հասնելու համար. պայմաններէն մէկը պաղեստինեան ամբողջ հասարակութեան «ապաարմատականացումն» է։
Նաթանիահուն ըսած է, որ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը պէտք է ոչնչացուի, Կազայի հատուածը պէտք է «ապառազմականացուի», իսկ պաղեստինեան հասարակութիւնը պէտք է «ապաարմատականացուի» խաղաղութեան հասնելու համար։
«Կազայի հատուածը պէտք է ապաարմատականացուի: Դպրոցները պէտք է սորվեցնեն երեխաներուն կեանքը մահէն վեր դասել, իսկ իմամները պէտք է դադրին քարոզել հրեաներու սպանութիւնը: Պաղեստինի քաղաքացիական հասարակութիւնը պէտք է փոխակերպուի այնպէս, որ մարդիկ սկսին աջակցիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, այլ ոչ թէ անոր ֆինանսաւորման», - իր յօդուածին մէջ նշած է Նաթանիահուն:
Իսրայէլի վարչապետը կը կարծէ, որ ՀԱՄԱՍ-ի «ոչնչացումը» անհրաժեշտ է հակամարտութեան հետագայ սրումը կանխելու համար։ Ըստ անոր, Կազան «ապառազմականացնելու» համար անհրաժեշտ պիտի ըլլան Կազայի պարագիծի երկայնքով ժամանակաւոր «անվտանգութեան գօտի» ստեղծել, ինչպէս նաեւ ստուգումներ սկսիլ Եգիպտոսի հետ սահմանին՝ անկլաւ զէնքի տեղափոխումը կանխելու համար։