image

2024-ին Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը կարգաւորելու հիմք չկայ. Ֆիտան

2024-ին Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը կարգաւորելու հիմք չկայ. Ֆիտան

2024 թուականին Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնը կարգաւորելու հիմք չկայ. այս մասին CNN Türk-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։

«Հակամարտութեան տարածման վտանգ կայ դէպի այլ տարածաշրջաններ՝ դէպի Արեւելեան Եւրոպա, դէպի Կեդրոնական Եւրոպա, կը խօսուի միջուկային զէնքի մասին։ Մենք կը տեսնենք, որ Եւրոպայի մէջ շարք մը քաղաքական գործիչներ աստիճանաբար կը սկսին գիտակցիլ վտանգներուն։ Եւրոպան մեզմէ աւելի շատ պէտք է անհանգստանայ»,-ըսած է Ֆիտանը:

Ան աւելցուցած է, որ որոշակի յոյսեր կան կապուած 2025-ի հետ: Այնուամենայնիւ, անոր խօսքով, «պէտք է սպասել եւ տեսնել, թէ ինչ պայմաններ պիտի զարգանան»:

«Բայց իրականութիւնն այն է, որ սա վերածուած է մաշման պատերազմի՝ մեծ կորուստներով եւ առանց յաղթանակի: Միջոցները կը սպառին, կեանքեր կը խլուին, մագլցումի վտանգը կը մեծնայ։ Թուրքիան չափազանց մտահոգուած է այս վտանգով։ Բայց սա մարդասիրական կողմն է։ Եւ եթէ նայինք ռազմավարական տեսանկիւնէ, ապա մեզ խիստ կը մտահոգէ տարածաշրջանին մէջ հակամարտութեան տարածման վտանգը»,- ըսած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը։