2 ամսուան մէջ երկրորդ անգամն ըլլալով, Իսրայէլ հարուածեց Պէյրութը։
Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց լիբանանեան լրասփիւռներէ։
Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ այսօր, յետմիջօրէին Իսրայէլ օդանաւային գրոհ մը կատարեց Պէյրութի Հարաւային արուարձանին ուղղութեամբ։
Հարուածը թիրախաւորեց «Տահիյէ» շրջանի «Ժամուս» թաղամասին մէջ գտնուող բարձրադիր շէնք մը։
Հարուածէն ժամեր անց յայտնի դարձաւ, որ Իսրայէլ թիրախ դարձուցած է «Հըզպալլա» ռազմական պատասխանատուներու խմբակ մը, որոնք ժողով մը կը գումարէին այդ շէնքին մէջ։
Ըստ նախնական տուեալներու, զոհերուն թիւը անցած է 6-ը, իսկ վիրաւորներու թիւը՝ 60-ը։
ԶԼՄ-ներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ տուժածներուն մասին տարածուած տուեալները տակաւին նախնական են եւ այդ թիւերը կրնան աւելիով աճիլ։