Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարման եւ ուժանիւթի մատակարարման խափանման պատճառով, 19 յունուարէն ժամանակաւորապէս պիտի դադրեցուի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու նախադպրոցական խումբերու, 1-12-րդ դասարաններու եւ նախնական (արհեստագործական) ու միջին մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւններու դասագործընթացը։