«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ տեղական մարմնի ջանքերով Սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին 1.000.000 տոլար հաւաքագրուած եւ փոխանցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան՝ Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային, ինչպէս նաեւ հայ կրթական հաստատութիւններուն կարիքները հոգալու նպատակով:
Սոյն դրամահաւաքը արձագանգն էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի համայն հայութեան ուղղուած կոչին։
Հիմնադրամը, հաւատարիմ մնալով իր համահայկական առաքելութեան, ամուր կանգնած է Լիբանանի մէջ գործող հայկական կրթօճախներու եւ լիբանանահայութեան կողքին: Այս օժանդակութիւնը շարունակական բնոյթ կը կրէ եւ սկիզբ առած է 2019-ի Դեկտեմբերին, երբ Լիբանանի մէջ խորացաւ տնտեսական ճգնաժամը։ Յաջորդ աջակցութիւնը 2020-ի Օգոստոսին Պէյրութի աղէտալի պայթումէն անմիջապէս յետոյ Հիմնադրամի նախաձեռնած դրամահաւաքն էր: Այնուհետեւ սոյն թուականի Ապրիլ ամսուն եւս որոշակի դրամական աջակցութիւն ցուցաբերուեցաւ տեղի հայ կրթական հաստատութիւններուն՝ ընդհանուր առմամբ շուրջ 600.000 տոլար։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն իր երախտիքը կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն, Հիմնադրամի ցանցին, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ տեղական մարմինին՝ Armenia Fund Inc. կազմակերպութեան՝ լիբանանահայութեան գոյապահպանման խնդիրներուն արագ արձագանգելու եւ դրամահաւաք կազմակերպելու համար։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իր զօրակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի անքակտելի մաս հանդիսացող հայ համայնքին՝ յոյս յայտնելով, որ կայունութիւնն ու բարեկեցութիւնը մօտ ապագային պիտի վերահաստատուին Լիբանանի մէջ։
Հիմնադրամին առաքելութիւնը համահայկական ցանցային համակարգի ձեւաւորումն է, որուն նպատակը Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքներուն համաչափ, կայուն եւ փոխկապակցուած զարգացման ապահովումն է՝ հիմնուելով ընդհանուր ինքնութեան վրայ։