image

1 ամսուայ մէջ 2 լրագրող. Զոհուած է պաղեստինցի լրագրող Ղըֆրան Ուարասնէ

1 ամսուայ մէջ 2 լրագրող. Զոհուած է պաղեստինցի լրագրող Ղըֆրան Ուարասնէ

Պաղեստինցիները յուղարկաւորեցին պաղեստինցի լրագրողի մը մարմինը, որ սպաննուած էր իսրայէլեան ուժերուն կողմէ Խալիլէն հիւսիս գտնուող Ալ Արուպ գաղթակայանի մուտքին մօտ, պատրուակելով որ ան զինուոր դանակահարելու փորձ կատարած էր:

Ազատ արձակուած բանտարկեալ` լրագրող Ղըֆրան Ուարասնէ ծանր վիրաւորուած էր ուղիղ գնդակներու թիրախ դառնալու հետեւանքով:

Պաղեստինեան Կարմիր մահիկը յայտնած է, որ իսրայէլեան բանակը մօտ կէս ժամ խոչընդոտած է իրենց աշխատանքը, երբ իրենք կը փորձէին փրկել երիտասարդ կինը, նախքան կարենալը զայն տեղափոխել Խալիլի շրջանի հիւանդանոց:

Իսրայէլեան կողմի յայտարարութեան մէջ կ'ըսուէր, որ երիտասարդ կինը գաղթակայանի մուտքին մօտեցած է շարք մը զինուորներու, եւ որովհետեւ ան կը կրէր դանակ, անոնք իսկոյն ուղիղ կրակած են անոր վրայ:

Նշենք, որ պաղեստինցի երիտասարդներու եւ իսրայէլեան ուժերու միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են Խալիլէն հիւսիս գտնուող Ալ Արուպ ճամբարի մուտքին` Ղըֆրան Ուարասնէի նահատակութենէն յետոյ:

Երիտասարդները դուրս եկած են գաղթակայան` արտայայտելու իրենց զայրոյթն ու բողոքը պաղեստինցի լրագրողի սպանութեան դէմ, մինչ իսրայէլեան զինուորները անոնց վրայ արցունքաբեր կազ արձակած են, իսկ երիտասարդները պատասխանած են քարեր նետելով եւ անիւներ հրկիզելով:

Իսրայէլեան ուժերը նաեւ խոչընդոտած են լրագրող նահատակի դիակին մուտքը ծննդավայր` Ալ Արուպ գաղթակայան, որ կը գտնուի Խալիլի շրջանէն հիւսիս` Արեւմտեան ափին մէջ: