Սուրիոյ բանակն իր տիրապետութեան տակ առած է Յորդանանի հետ Սուրիոյ սահմանն ամբողջութեամբ, կը գրէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրը, վկայակոչելով բանակի սպաներէն մէկուն յայտարարութիւնը, նշած է, որ Լաթաքիոյ արուարձանին մէջ նոյնպէս բանակը զինեալ ահաբեկիչներու յարձակման փորձ խափանած է, եւ նախագահ Ասատ շեշտած է, որ պայքարը կանգ պիտի չառնէ, մինչեւ սուրիական հողերու ամբողջական ազատագրումը:
Ներկայիս բանակի միաւորները տարածուելով Տարհայի հարաւ-արեւմտեան արուարձաններուն մէջ, այնտեղ ականազերծման աշխատանքներ կ'իրականացնեն: