image

Ըստ Թուրքիոյ Տահէշ քաղաքացիները «մարդկային վահան» դարձուցած է «Ալ Պապ»ի մէջ

Ըստ Թուրքիոյ Տահէշ քաղաքացիները «մարդկային վահան» դարձուցած է «Ալ Պապ»ի մէջ

Հինգշաբթի օր, թրքական սպայակոյտի ղեկավարութիւնը բացատրելով Եփրատի վահան գործողութեան դանդաղեցման պատճառը, յայտարարած է, թէ «ահաբկչական Տահէշ խմբաւորումը, Սուրիոյ հիւսիսային Պապ աւանի բնակիչները իբր մարդկային վահան կ’օգտագործէ եւ իրենք կու խուսափին քաղաքացիները հարուածելէ»: Այս մասին կը հաղորդէ Անատոլու գործակալութիւնը, շարունակելով, թէ «խմբաւորումը որպէս ղեկավարութեան կեդրոններ, պաշտպանողական դիրքեր եւ անդամներուն բնակավայրեր, կ’օգտագործէ մզկիթները, դպրոցներն ու հիւանդանոցները»:

Յիշեցնենք, որ «Սուրիական Ազատ բանակին» սատարելու նպատակով, թրքական բանակի յատուկ ուժերէն փաղանգներ, միջազգային դաշնութեան օդուժին հետ համաձայնութեամբ, 24 օգոստոսին, մեկնարկած են ռազմական գործողութեան մը, Սուրիոյ հիւսիսային Ճարապլուս քաղաքին մէջ, զայն ահաբեկչական խմբաւորումներէ մաքրելու նպատակով: