image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ «The New York Times»ի Թուրքիան մտադիր է քանդել Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

Ըստ «The New York Times»ի Թուրքիան մտադիր է քանդել Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցին

Թուրքական կառավարութիւնը գրաւած է Տիարպէքիր գտնուող հայկական պատմական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին եւ շարք մը այլ վանքեր, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով սեփականութիւններ` պնդելով, թէ նպատակ ունի վերականգնել տարածաշրջանը, սակայն ահազանգող բնակիչները մտավախութիւն յայտնած են, թէ կառավարութիւնը այդ կառոյցները քանդելու գաղտնի մտադրություն ունի: Այս մասին անդրադարձած է «The New York Times» պարբերականը, նշելով, որ իշխող մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Տիարպէքիրի մէջ մէկ տարի շարունակ ծանր մարտեր կ'ընթանան, թուրքական ուժերու կողմէ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներու դէմ`խախտելով երկու տարի տեւած հրադադարը:

«Շատ բնակավայրեր աւերակ դարձած են, հազարաւոր մարդիկ ստիպուած լքած են իրենց տուները: Սուրբ Կիրակոսը` մեծագոյն հայկական եկեղեցիներէն մէկը Միջին Արեւելքի մէջ, կռիւներու ընթացքին վնասուած է», նշած է աղբիւրը, աւելցնելով, որ հայերն ու քիւրտերը այս կարեւոր մշակութային կոթողի նկատմամբ կառավարութեան քօղարկուած ծրագրի մասին կ'ահազանգեն:

«Ազգային եւ կրօնական պայքարը  ժողովրդագրական ճարտարապետութեամբ լուծելու թուրքական կառավարութեան քաղաքականութիւնը մէկ դարեայ պատմութիւն ունի», - յայտնած է թուրք պատմաբան  Թաներ Աքչամը:

Նկարագրելով  Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին՝ պարբերականը նշած է, որ այն փակուած է 1960-ականներուն՝ այցելուներու բացակայութեան պատճառաբանութեամբ, իսկ  2011-ին վերաբացուած է, որպէս հաշտեցման քաղաքականութիւն, ուր Ռեճեփ Թաիփ Էրտողանը մտադիր եղած է  Տիարպէքիրը դարձնել զբօսաշրջային քաղաք: Երկրի վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուն  վերջերս ըսած  է, որ կառավարութիւնը հարախային շրջանը պիտի վերածէ «Սպանական Թոլետոյի»:

«Հայերու և քիւրտերու համար Թուրքիոյ մտադրութիւններու հանդէպ անվստահութիւնը խոր արմատներ ունի: Հայերու քով տակաւին թարմ են Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ օսմանեան թուրքերու գործադրած Ցեղասպանութեան յիշողութիւնները, որու հետեւանքով 1.5 մլն հայեր զոհուած են», - եզրափակած է պարբերականը: