Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեան հարցազրոյց տուած է թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականին եւ խօսած հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութիւններուն մասին:
Արքեպիսկոպոս Պէքճեան նշած է, որ պատրիարքի ընտրութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին պոլսահայ համայնքին համար: Ըստ Պէքճեանի, այն պիտի կայանայ ժողովրդավարական հիմքերով եւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ:
Պէքճեան նշած է, որ պատրիարքական ընտրութիւններուն կրնան մասնակցիլ Թուրքիա ծնած կամ ծնունդով Թուրքիայէն ծնողներ ունեցող Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բոլոր արքեպիսկոպոսները:
Խօսելով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահը նշած է. «Պատմութեան մէջ չկան ո՛չ յաւերժական թշնամիներ, ո՛չ յաւերժական բարեկամներ: Կան միայն յաւերժական շահեր: Ժողովուրդները չեն կրնար թշնամի ըլլալ»: