Հըզպալլա- («Ալ-Ժատիտ»- Պէյրութ)- Իրանի յեղափոխութեան պահակախումբի հրամանատարի տեղակալ զօրավար Հիւսէյն Սալամի յայտարարած է, որ Հըզպալլան 100 հազար հրթիռ ունի, իսկ Իրանը՝ անոր կրկնապատիկները: Այս մասին կը փոխանցէ «Ալ-ժատիտ»ը նշելով, որ Սալամի, խօսելով թշնամի Իսրայէլի մասին, ընդգծած է, որ «սիոնիստական ռէժիմը շուտով պիտի փլուզուի, որովհետեւ Լիբանանի Հըզպալլան ունի աւելի քան 100 հազար հրթիռ, իսկ Իսլամական Իրանը անոր մի քանի տասնեակ կրկնապատիկը: Ան նաեւ նշած է, որ Իրանի կողմէ արձակուած հրթիռներէն քանի մը հատին վրայ եբրայերէն լեզուով գրուած է «պէտք է վերացնել Իսրայէլը»: Սալամի նաեւ նշած է, որ «Իրանի ժողովրդական ուժերը իրենց ամբողջ ջանքերը կը մէկտեղեն, բարձրացնելու հայրենիքի եւ իսլամութեան պաշտպանութեան պատրաստուածութեան մակարդակը, հաստատելով, որ այդ հրթիռները կը համարուին բոլոր իսլամական երկիրներու պաշտպանութիւնը եւ աջակցութիւն՝ իսլամական յեղափոխութեան: Սալամի նաեւ ընդգծած է, որ վերջերս կատարուած Պալիսթեան հրթիռներու փորձարկումը Իրանի կարողութեան ցուցադրումն է եւ պատգամ ՝ բոլոր իսլամական Իրանի թշնամիներուն, որոնք ուզեցին ծունկի բերել իրանի ժողովուրդը, ակնարկելով Ամերիկայի կողմէ Իրանին պարտադրուած պատժամիջոցներուն: