Ատրպէյճանական իշխանամէտ մամուլը մեղադրած է իրաւապաշտպան Ամալ Քլունին ԵՄԷԱ-էն ներս ընդդիմադիր ազերի գործիչ Հատաճէ Իսմայլովայի շահերու պաշտպանութւնը ստանձնելու համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Մարմարան», յայտնելով, որ յայտնի փաստաբանը եւ «մէտիա Լէկալ Տէֆանս» նախաձեռնութիւնը միասնաբար որոշած են ԵՄԻԱ-էն ներս դատ բանալ ազերի հետաքննող լրագրող Իսմայիլովայի ձերբակալութեան համար, ընդգծելով, որ մինչեւ որ դատարանը վերջական որոշում մը արձակէ, զայն բանտի մէջ պահելը մարդու իրաւունքներու խախտում է եւ ներհակ կը մնայ ԵՄԻԱ-ի հիմնական սկզբունքներուն:
Միւս կողմէ Ատրպէյճանական մամուլը մեղադրանքներ հնչեցուցած է Քլունիի հասցէին, որ ան վրէժխնդրութուեամբ կ'առաջնորդուի Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն դէմ: Ան նոյնիսկ կը մեղադրուի ծագումով հայ ըլլալու «ամբաստանութեամբ», ինչպէս նաեւ Եւրոպական դատարանէն ներս հայերու շահերը պաշտպանելու «յանցանք»ով:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Քլունիի դէմ ատրպէյճանական մամուլի յարձակման պատճառը, անոր հայկական կողմի պաշտպանն հանդիսանալն էր՝ «Փէրէնչէք Ընդդէմ Զուիցերիոյ» դատին մէջ: