image

Ընդդիմադիր լրագրողներ ծեծի ենթարկուած են եւ «Հայու ծնունդներ» անուանուած

Ընդդիմադիր լրագրողներ  ծեծի ենթարկուած են եւ «Հայու ծնունդներ» անուանուած

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են ընդդիմադիր «Պիրկիւն» շաբաթաթերթի պատասխանատու Մահիր Քանաաթ, «Դիքէն» լրատուական կայքի խմբագիր Թունճա Օղրեթէն, լրագրող Մէթին Եոքսու եւ «Տիհապէր» կայքի խմբագիր Օմէր Չելիք: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» պարբերականը, նշելով, որ ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայինները ներխուժած են Պոլսոյ եւ Տիարպէքիրի մէջ անոնց տուները, «Տիհապէր»ի խմբագիր Չելիքի հանդէպ ուժ կիրառած են, զէնքով սպառնացած են անոր մօրն ու կնոջը, իսկ Չելիքը կոչած են՝ «հայու ծնունդ»: 

«Դուն լուրեր կը գրես, չէ՞: Ուրեմն հիմա գրէ' տեսնենք, դուք հայու ծնունդներ էք, գրէ' տեսնենք»,- ըսած են յատուկ ջոկատայիններն ու  քանի մը անգամ հարուածած խմբագիրին: Չելիքի գործով դատավարութիւնը գաղտնի կը պահուի լրատուամիջոցներէն: