image

«Յանուն աւելի մարդկային աշխարհի մը»Նախագահ Աունի գրառումը

«Յանուն աւելի  մարդկային աշխարհի մը»Նախագահ Աունի    գրառումը

Հայոց Ցեղասպանութեան 105-ամեակին առիթով՝ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Դվիթերեան իր էջով գրառում մը կատարած է։

 Լիբանանի  նախագահը  մասնաւորապէս գրած է ՝   

«Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու: Աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակ պատճառած Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման նախօրեակին, կը հաստատենք, որ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ոճիրներուն յիշատակը մարդկութեան խղճին մէջ կը մնայ ամօթի կնիք մը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեզի յիշել կու տայ, որ մարդ արարածը չարիքներ գործելու ատակ է, երբ ան պատիժի եւ հաշուետուութեան ենթակայ չէ: Արդարութիւնը միակ միջոցն է աւելի մարդկային աշխարհ մը կերտելու»: