image

Ո՞վ Գողցաւ Լիբանանի Հանրապետութիւնը/Սագօ Արեան

Ո՞վ Գողցաւ Լիբանանի Հանրապետութիւնը/Սագօ  Արեան

  Ո՞վ Գողցաւ Լիբանանի Հանրապետութիւնը/Սագօ  Արեան

 

 

 Միջին արեւելքի   ջուրերուն   ամէնէն հրաշալի ափը ՝ Պէյրութը        աւելի քան   կը մնայ առանց նախագահի:   Գեղեցիկ բառեր, ճոռոմ նախադասութիւններ,   նախագահի ընտրութեան  կարեւորութեան մասին   քարոզներ ու «հէքիաթ»ներ կը լեցընեն  Լիբանանցի քաղաքացիներուն  ականջները: Մէկ բան իրաւացի  է, որ այսօր Լիբանանի  հանրապետութիւնը  «գողցուած» է: Հանրապետութեան նախագահ չկայ, չկայ նաեւ օրինական  մէքանիզմ  մը,   չկայ որոշում կայացնելու ուժ ունեցող  «հայր» մը: Ու առանց  հօր  տուն մը         տագնապներու կը մատնուի:

 Մօտիկ անցեալին  նախագահական  աթոռին վրայ   նստած      որոշում կայացնելու քաջութիւն ունեցող  դէմքեր կային:

 

 Կար Ֆուատ Շէհապ, կար Գամիլ Շամուն եւ հակառակ  իր բոլոր թուլութիւններուն կար նաեւ Էլիաս Սարգիս:

 Այսօր համատարած  քաղաքական որբութիւն մը կը տիրէ Լիբանանի մէջ:

 Հարցումը արդեօ՞ք իրապէս քաղաքական  բեմահարթակին վրայ  ազդեցիկ գործիչներ չկա՞ն:   Խօսքը յատկապէս քրիստոնեայ   խաւին մասին է, որովհետեւ Լիբանանը արեւելքի արաբական միակ երկիրն է, որուն նախագահը Մարոնիթ քրիստոնեայ    մը պէտք է ըլլայ: Բացի ասկէ,  ներկայ հանգրուանի  նախագահական  թեկնածու երկու հիմնական  գործիչները ՝ Միշէլ Աունն  ու Սամիր Ժաաժան են: Անոնք  հաւասար առումներով   մասնակցած են Լիբանանի քաղաքացիական  պատերազմի ամէնէն թէժ փուլերուն հետեւաբար նաեւ   «սպիտակ  ձեռքեր» չունին:  Մինչ Աունին հետեւող   մասսան եւ  անոր      քաղաքական   «թիմ»ը   կը պատճառաբանէ, որ Աուն  քրիստոնեաներուն մօտ ամէնէն  հզօր ժողովրդականութիւնը կը վայելէ,  անդին Ժաաժա,  որ կը վայելէ երկրի սիւննիներու   համակրանքը  իր «հակառակորդ»ը կը հրաւիրէ   խորհրդարան  սահմանադրական հիմունքներով նոր նախագահի մը ընտրութիւնը կայացնելու:

 Այս բոլորով հանդերձ երկրին մէջ սունկի պէս կ'աճին քաղաքացիական շարժումները, որոնց  պահանջները ըստ  քաղաքական  գործիչներուն  իրաւացի են:

 Երկիրը խեղդուած է աղբի,  հոսանքի,   անջրդիութեան եւ այլ բազում  ընկերային – տնտեսական   տագնապերու մէջ, որոնք  կրնան  «ներսէն» պայթեցնել, առանց ատոր ալ  «անգլուխ» մնացած   Լիբանանը:

 

  Մօտիկ անցեալին   Լիբանան կը հովանաւորուէր Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի տնօրինութեամբ: ու հակառակ      միջազգային  տէրութիւններուն կողմէ  դէպի լիբանան      թափուած  «լարուած ականներուն»,  որոշ չափով   մինչեւ    2005 թուական   կար Լիբանանի հանրապետութիւն  կոչուած  գոյութիւն մը:

 Այսօր կայ Լիբանանը բայց չկայ հանրապետութիւնը:

 Երկիրը ամէն օր   կը քաշքշուի: Մէկ կողմէն Րիատ եւ միւս կողմէն  Թեհրան  ամէն գնով կը փորձեն  իրենց օրակարագերը թելադրել:

 Իսկ  աւելի տխուրը այն է, որ կը բացակայի  քրիստոնեայ տիրական դէմք մը, որ կարողանայ  բոլորին հետ լեզու գտնել եւ երկրի   «աւազախրած նաւ»ը տեղէն  շարժել:

 Այս իրավիճակներուն մէջ է, որ այսօր  Լիբանան կը գումարէ իր նախագահի ընտրութեան    29-րդ նիստը, որ ինչպէս բոլոր նիստերը պիտի «պսակուի»  ձախողութեամբ:

 

 

  Երկիրը պիտի շարունակէ մնալ  «անգլուխ»: Պարզ անոր համար, որ անոր քաղաքական  գործիչներուն  ելակէտը    իրենց երկրին ու անոր ժողովուրդին շահերը չեն  այլ իրենց անձնական  շահերը:

Ու այդ անձնական  շահերը կը հասնին  մինչեւ  թաղերուն  մէջ կուտակուած աղբերը հաւաքելուն   մէջ      նիւթական  եկամուտներ փնտռելուն մէջ:

 Այս  առումով ամէնէն  ոսկի խօսքը  կը պատկանի  երկրի վարչապետին:

Սիւննի  Թամմամ Սալամ   իր վերջին   ասուլիսներէն մէկուն ատեն  կը յառաջէ՜ր  «երկրին մէջ     թափուած աղբերէն   աւելի  վնասակարը քաղաքական   աղբն է, որմէ պէտք է ձերբազատուիլ»:

Թէ, որուն կ'ուղղէր  Սալամ իր խօսքը   յստակ չէ, հակառակ անոր, որ գաղտնիք ալ չէ, որ  քաղաքական   խաւի  ամբողջ շքախումբը   պէտք է հրաժարական տալով տուն երթայ:

 

 Մինչեւ  ե՞րբ Լիբանանը  պիտի շարունակէ   մնալ  «անգլուխ»  կամ մինչեւ երբ այս երկիրը պիտի  շարունակէ «գողցուած  հանրապետութիւն» մը հանդիսանալ յստակ չէ: Յստակ է միայն մէկ բան, որ  առանց Սուրիոյ տագնապին հանգուցալուծման  սկիզբի մը դժուար թէ  Պէյրութը   քաղաքականապէս խաղաղի: Իսկ ապահովական  անդորրը  այսպէս պիտի շարունակուի, որովհետեւ  այդ մէկը   շրջանային ազդեցիկ ուժերուն  որոշումն է:

 

 

 Սագօ Արեան