ԱՄՆ կառավարութիւնը յայտարարած է, որ համաձայնած է մէկ միլիառ տոլարը գերազանցող սպառազինման պայմանագրեր կնքել Սէուտական Արաբիոյ հետ, կը գրէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:
Պայմանագիրներուն մէջ ընդգրկուած պիտի ըլլան աւելի քան 6600 հակահրթիռային հրթիռներ, նաեւ պիտի կնքուին ուղղաթիռներու վերանորոգման եւ այլ զինատեսակներու մատակարարման պայմանագիրներ:
Աղբիւրը փոխանցելով ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեայի մը յայտարարութիւնը նշած է, որ նշուած պայմանագիրներու կնքման շուրջ բանակցութիւններն սկսած էին անցեալ տարուան մայիսին, Թրամբի Սէուտական Արաբիա կատարած այցի ժամանակ:
ԱՄՆ կառավարութեան համաձայն, պայմանագիրները պիտի կնքուին, եթէ Գոնկրէսի կողմէ այն չմերժուի: