image

Ուաշինկթըն հրաժարա՞ծ է Ասատը իր պաշտօնէն հեռացնելու պահանջէն. Ռոպերթ Ֆիսքի մեկնաբանութիւնը

Ուաշինկթըն հրաժարա՞ծ է Ասատը իր պաշտօնէն  հեռացնելու պահանջէն. Ռոպերթ Ֆիսքի մեկնաբանութիւնը

Բրիտանական «Independent» թերթը լրագրող Ռոպերթ Ֆիսքի յօդուածը հրապարակած է, ուր վերջինս յայտնած է, որ ԱՄՆ հրաժարած է Ասատը պաշտօնազրկելու գաղափարէն:

Ֆիսք նշած է, որ երբ Ուաշինկթըն հասկցաւ, որ Սուրիոյ մէջ գործող իր դաշնակիցները դժուարութիւններու առաջ կանգնած են, յայտարարեց, որ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ խորհուրդ կու տայ չխախտել զինադադարի համաձայնութիւնը:

Յօդուածագիրին կարծիքով, Սուրիոյ մէջ ներկայիս տեղի ունեցող դէպքերը շրջադարձային են եւ պայմանաւորուած են նախագահ Ասատի գրանցած յաղթանակին ու հողերու ազատագրման հետ:

Ֆիսք կը համարէ, որ ԱՄՆ յուսահատած է Ասատը պաշտօնազրկելու կոչերէն եւ ձեռք քաշած զինեալ ընդդիմութեան հովանաւորութենէն: