image

Ուաշինկթըն առիթ կը փնտռէ քայքայելու Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ՝ Սուրիոյ վերաբերեալ ռազմա-դիւանագիտական միութիւնը․The Wall Street Journal

Ուաշինկթըն առիթ կը փնտռէ քայքայելու Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ՝ Սուրիոյ վերաբերեալ ռազմա-դիւանագիտական միութիւնը․The Wall Street Journal

Թրամբի վարչակազմը առիթ կը փնտռէ քայքայելու Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող ռազմա-դիւանագիտական միութիւնը, որպէսզի կարենայ վերջ տալ Սուրիոյ մէջ տիրող հակամարտութիւններուն եւ աշխուժացնէ «Տահէշ»ի դէմ պայքարը: Այս մասին կը գրէ «The Wall Street Journal» պարբերականը։

Պարբերականի աղբիւրներու տուեալներով՝ Ուաշինկթընի մշակած ռազմավարութիւնը նպատակ ունի համատեղել «հակասական յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու վերաբերեալ» եւ Թեհրանին մարտահրաւէր նետելու ԱՄՆ-ի թշնամական փորձերը՝ կասկածի տակ դնելով Իրանի ռազմական ներկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։

Թրամբի վարչակազմի բարձրաստիճան աղբիւրը պարբերականին հաղորդած է, որ Սպիտակ Տունը, հակառակ Ռուսաստանի նկատմամբ հաշտարարական յայտարարութիւններուն, պատրանքներ չի տածեր Փութինի հանդէպ, միեւնոյն ժամանակ անոր սպառնալիք չի համարեր: Ան ներկայիս կեդրոնացած է Իրանը զսպելու վրայ, ինչով ալ պայմանաւորուած է Սուրիոյ մէջ Մոսկուայի եւ Թեհրանի համգործակցութեան միջեւ սեպ խրելու ձգտումը՝ կը գրէ թերթը։